Դժվարություններ


  • Կարասէն ալիւրը չհատաւ ու կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջը՝ Եղիային միջոցով ըսած խօսքին համեմատ։
    Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 17:16
  • Լեզուի խարազանէն ապահով պիտի ըլլաս, Երբ կործանումը գայ անկէ պիտի չվախնաս.
    ՅՈԲԱՅ 5:21
  • Ջուրերը իր մութ ամպերուն մէջ կը ծրարէ Ու անոնց տակէն ամպը չի պատռիր։ Իր աթոռին երեսը կը պահէ, Անոր վրայ իր ամպը կը տարածէ։ Ջուրերուն երեսին վրայ ամէն կողմէն սահմաններ դրաւ Մինչեւ լոյսին ու խաւարին ծայրը։
    ՅՈԲԱՅ 26:8-10
  • Տնանկին ալ ապաւէն պիտի ըլլայ Տէրը, Ապաւէն՝ նեղութեան ժամանակները։ Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան. Վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր։
    PsalՍԱՂՄՈՍms 9:9-10
  • Տէրը արդարներուն օրերը գիտէ Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ. Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնան Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։
    ՍԱՂՄՈՍ 37:18,19
  • Տղայ էի ու ծերացայ, Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։
    ՍԱՂՄՈՍ 37:25
  • Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։ Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին, Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին, Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)
    ՍԱՂՄՈՍ 46:1-3
  • Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ. Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք, Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)
    ՍԱՂՄՈՍ 62:8
  • Դուն կը տիրես ծովուն հպարտութեանը վրայ, Երբ անոր ալիքները բարձրանան, դուն կը հանդարտեցնես զանոնք։
    ՍԱՂՄՈՍ 89:9
  • Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։
    ՍԱՂՄՈՍ 91:2
  • Շատ ջուրերու ձայնէն ու ծովու զօրաւոր ալիքներէն Աւելի զօրաւոր է Տէրը բարձրութեան մէջ։
    ՍԱՂՄՈՍ 93:4
  • Ցորեկը՝ հովանի ըլլալու համար ամպ Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։ Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։ Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին, Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։
    ՍԱՂՄՈՍ 105:39-41
  • Մրրիկը կը հանդարտեցնէ Ու ալիքները կը դադարին։
    ՍԱՂՄՈՍ 107:29
  • Ցորեկը վրան պիտի ըլլայ, Տաքութեան համար՝ հովանի Եւ մրրիկին ու անձրեւի համար Ապաստանարան ու ծածկոց ըլլալու։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 4:6
  • Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին, Ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը, Ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն, Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 25:4
  • Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, Երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, Բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 43:2
  • Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ Անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ։ Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ Եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 44:3
  • Եհովան բարի է, նեղութեան օրը ամրութիւն է, Իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ։
    ՆԱՒՈՒՄԱՅ 1:7
  • Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 6:30, 31
  • Ան ըսաւ անոնց. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք»։ Ելաւ հովերուն ու ծովուն սաստեց եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ Ու մարդիկ զարմացան եւ կ’ըսէին. «Ի՜նչպիսի մարդ է աս որ հովերն ու ծովը իրեն կը հնազանդին»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 8:26, 27
  • Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու եւ թշնամիին բոլոր զօրութեանը վրայ կոխկռտելու ու բնաւ բան մը ձեզի պիտի չվնասէ։
    ՂՈԻԿԱՍ 10:19
  • Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը. (Ինչպէս գրուած է. ‘Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք’.) Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:35-39
  • Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4:8,9
  • Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծմէ, որպէս զի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր։
    ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 12:6