Քաջություն


  • Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասն զի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք։ Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի։ Դուք լո՛ւռ կեցէք»։
    ԵԼԻՑ 14:13,14
  • «Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմելու ելլես ու ձիեր եւ կառքեր ու քեզմէ շատուոր ժողովուրդ տեսնես, անոնցմէ մի՛ վախնար. վասն զի քեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանող քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ է։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 20:1
  • Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքը Տէրն է. անիկա քեզի հետ պիտի ըլլայ. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր»։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 31:8
  • Ձեզմէ մէկը անոնց հազարը հալածեց, քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը՝ ձեզի համար պատերազմեցաւ, ինչպէս ձեզի խոստացած էր։
    ՅԵՍՈՒԱՅ 23:10
  • Անիկա իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ Ու չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին. Քանզի մարդ իր ուժովը չի կրնար յաղթել։
    Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 2:9
  • Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ. «Եկո՛ւր, այս անթլփատներուն պահապան զօրքին կողմը անցնինք, կարելի է որ Տէրը մեզի համար բան մը ընէ. քանզի շատ մարդով կամ քիչ մարդով ազատելու կողմէ արգելք մը չկայ Տէրոջը առջեւ»։
    Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 14:6
  • Եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է ու անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ»։
    Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 17:47
  • «Զօրացէ՛ք ու քաջասիրտ եղէ՛ք. Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։ Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ՝ ՝։
    Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 32:7,8
  • Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ, Որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին։
    ՍԱՂՄՈՍ 17:5
  • Ո՛վ Տէր, զիս դատէ, Վասն զի իմ անարատութիւնովս քալեցի։ Տէրոջը յուսացի, պիտի չսասանիմ։
    ՍԱՂՄՈՍlms 26:1
  • Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր. Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։
    ՍԱՂՄՈՍ 60:11
  • Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ, Վասն զի անկէ է իմ յոյսս։
    ՍԱՂՄՈՍ 62:5
  • Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ է Ու իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։ Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան, Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան.
    ՍԱՂՄՈՍ 84:5, 7
  • Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար. Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։ Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ, Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։
    ՍԱՂՄՈՍ 112:7,8
  • Լաւ է Տէրոջը յուսալ, Քան թէ մարդոց ապաւինիլ։
    ՍԱՂՄՈՍ 118:8
  • Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, Վասն զի քեզի յուսացի։ Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր, Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։
    ՍԱՂՄՈՍ 143:8
  • Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 3:5,6
  • Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ. «Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։ Բայց դուք չուզեցիք,
    ԵՍԱՅԵԱՅ 30:15
  • Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. ‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
    ԶԱՔԱՐԵԱՅ 4:6
  • Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք։ Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15:5
  • Վանս զի ան որ Աստուծմէ ծնած է՝ աշխարհին կը յաղթէ։ Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:4