Հանգիստ
- Եւ ապահով պիտի ըլլաս, վասն զի յոյս կայ քեզի։ Պիտի պաշտպանուիս ու ապահովութեամբ պիտի հանգստանաս։ Եւ պիտի պառկիս ու վախցնող պիտի չըլլայ Ու շատերը քեզ պիտի փնտռեն։And thou shalt be secure, because there is hope; yea, thou shalt dig about thee, and thou shalt take thy rest in safety. Also thou shalt lie down, and none shall make thee afraid;
-
Ես պառկեցայ ու քնացայ. Արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց։
ՍԱՂՄՈՍ 3:5 -
Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։
ՍԱՂՄՈՍ 4:8 -
Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն,
ՍԱՂՄՈՍ 91:5 -
Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելնելը եւ ուշ հանգչիլը Ու ցաւով հաց ուտելը։ Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։
ՍԱՂՄՈՍ 127:2 -
Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս Ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։
ԱՌԱԿԱՑ 3:24 -
Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ Թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ Բայց հարուստին կուշտ ըլլալը՝ ՝ Չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ։
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:12 -
Անիկա խաղաղութեան մէջ կը մտնէ. Ուղղութեամբ քալողները Իրենց անկողիններուն վրայ հանգստութիւն կը գտնեն,
ԵՍԱՅԵԱՅ 57:2 -
Եթէ շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս՝ Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնես Ու շաբաթը՝ քու զուարճութիւնդ Եւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես, Զանիկա պատուես՝ քու ճամբաներուդ չհետեւելով, Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով, Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս։ Քեզ երկրին բարձր տեղերը պիտի հանեմ, Քու հօրդ Յակոբին ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։
ԵՍԱՅԵԱՅ 58:13, 14 -
Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10:31 -
Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 4:9,10
ՅՈԲԱՅ 11:18,19