Խաղաղություն


  • Եւ դուն խաղաղութեամբ քու հայրերուդ պիտի երթաս, աղէկ մը ծերացած պիտի թաղուիս։
    ԾՆՆԴՈՑ 15:15
  • Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։
    ՍԱՂՄՈՍ 29:11
  • Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ, Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛։
    ՍԱՂՄՈՍ 34:14
  • Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը Ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։
    ՍԱՂՄՈՍ 37:11
  • Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ,
    ՍԱՂՄՈՍ 37:37
  • Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ Ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։
    ՍԱՂՄՈՍ 119:165
  • Ես խաղաղասէր էի. Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին։
    ՍԱՂՄՈՍ 120:7
  • Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի, Մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ։
    ԱՌԱԿԱՑ 16:7
  • Սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ, Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ։
    ԺՈՂՈՎՈՂԻ 3:8
  • Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Իշխան։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 9:6
  • Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, Վասն զի քեզի կը յուսայ։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 26:3
  • Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 32:17
  • Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 54:13
  • Քանզի ուրախութեամբ պիտի ելլէք Ու խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք։ Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակեն Եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 55:12
  • Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ իմ Տէր Աստուածս։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 57:21
  • Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար Եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ։ Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. Բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 59:8
  • Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝ ‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, Երբ խաղաղութիւն չկայ։
    ԵՐԵՄԵԱՅ 6:14
  • Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու։
    ԵՐԵՄԵԱՅ 29:11
  • Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։
    ԵՐԵՄԵԱՅ 33:6
  • Կործանումը կու գայ։ Խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի։
    ԵԶԵԿԻԷԼԻ 7:25
  • Այսինքն Իսրայէլի մարգարէները, Որոնք Երուսաղէմի համար մարգարէութիւն կ’ընէին Եւ անոր վրայով խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնէին, Քանի որ խաղաղութիւն չկար»։
    ԵԶԵԿԻԷԼԻ 13:16
  • Իր խորամանկութեամբ պիտի յաջողի իր նենգաւոր ճամբաներուն մէջ ու իր սրտին մէջ պիտի հպարտանայ ու խաղաղութեան մէջ շատերը պիտի կորսնցնէ եւ իշխաններուն Իշխանին դէմ պիտի դնէ, բայց առանց ձեռքի պիտի կոտրի։
    ԴԱՆԻԷԼ 8:25
  • Անիկա հանդարտութեամբ խիստ պարարտ գաւառի մէջ պիտի մտնէ ու իր հայրերուն ու անոնց հայրերուն չըրածը ինք պիտի ընէ։ Անոնց մէջ աւար եւ կողոպուտ ու ստացուածք պիտի բաժնէ ու կարճ ժամանակ մը պարիսպներուն դէմ իր ծրագիրները պիտի մշակէ։
    ԴԱՆԻԷԼ 11:24
  • Ահա լեռներուն վրայ աւետիս բերողին, Խաղաղութիւն քարոզողին ոտքերը։ Տօներդ պահէ՛, ո՛վ Յուդա, ուխտերդ կատարէ՛. Քանզի ա՛լ քու մէջէդ անօրէն պիտի չանցնի, Անիկա բոլորովին կտրուեցաւ։
    ՆԱՒՈՒՄԱՅ 1:15
  • Իմ ուխտս անոր հետ էր՝ կեանքի ու խաղաղութեան համար։ Զանոնք անոր տուի այն երկիւղին փոխարէն՝ Որով ինծմէ կը վախնար Ու իմ անուանս երեսէն կը սարսափէր։
    ՄԱՂԱՔԵԱՅ 2:5
  • Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 5:9
  • And if the house be worthy, let your peace come upon it: but if it be not worthy, let your peace return to you.
    ՄԱՏԹԷՈՍ 10:13
  • «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 10:34
  • Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։
    ՄԱՐԿՈՍ 4:39
  • Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։
    ՄԱՐԿՈՍ 5:34
  • Աղը աղէկ է, բայց եթէ աղը անհամնայ, ինչո՞վ պիտի համովցնէք. ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք»։
    ՄԱՐԿՈՍ 9:49
  • ‘Խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու’ ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու»։
    ՂՈԻԿԱՍ 1:79
  • «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։
    ՂՈԻԿԱՍ 2:14
  • Ինք ըսաւ կնոջը. «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։
    ՂՈԻԿԱՍ 7:50
  • Եւ ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ այս տանը’։
    ՂՈԻԿԱՍ 10:5
  • Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ։
    ՂՈԻԿԱՍ 14:32
  • Ու կ’ըսէին. «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք՝ բարձրութեան մէջ»։
    ՂՈԻԿԱՍ 19:38
  • Քանի որ այս բաները կը խօսէին, Յիսուս ինք կայնեցաւ անոնց մէջտեղը ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։
    ՂՈԻԿԱՍ 24:36
  • Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:27
  • Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:33
  • Ձեր բոլորին, որ Հռովմի մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ, սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:7
  • «Կործանում եւ թշուառութիւն կայ իրենց ճամբաներուն մէջ»։ «Խաղաղութեան ճամբան չճանչցան»։ «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 3:16-18
  • Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:1
  • Վասն զի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:6
  • Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:15
  • Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:18
  • Վասն զի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:17
  • Ուրեմն իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:19
  • Արդ՝ յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15:13
  • Եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15:32
  • Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:3
  • Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7:15
  • Վասն զի Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 14:33
  • Վերջապէս, եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք, հաստա՛տ կեցէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբան եղէք, խաղաղութիւն ըրէք եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13:11
  • Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հօր Աստուծմէն ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն,
    ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 1:3
  • B Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն,
    ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5:22
  • Ան ամէնը որ այս կանոնին համեմատ կը քալեն, խաղաղութիւն ու ողորմութիւն ըլլայ անոնց վրայ ու Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ։
    ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6:16
  • Վասն զի անիկա է մեր խաղաղութիւնը, որ երկուքը մէկ ըրաւ ու մէջտեղի բաժանող պատը, այսինքն իրարու հետ եղած թշնամութիւնը, իր մարմնովը քակեց Եւ հրամաններով եղած պատուիրանքներուն օրէնքը խափանեց. որպէս զի իրմով այն երկուքին տեղ նոր մարդ մը ստեղծէ ու ասով խաղաղութիւն ընէ
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 2:14,15
  • Ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել.
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4:3
  • Ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:15
  • Ինչ որ սորվեցաք ու առիք եւ լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս, զա՛յն ըրէք եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։
    ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4:9
  • Եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները։
    ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 1:20
  • Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։
    ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:15
  • Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին։
    ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 5:3
  • Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:22
  • Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք ամենուն հետ եւ սրբութեան, առանց ասոր մէ՛կը պիտի չտեսնէ Տէրը։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:14
  • Խաղաղութեան Աստուածը որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, որ յաւիտենական ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւն է,
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13:20
  • Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն։
    James 3:18
  • Թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ։
    ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:11
  • Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ։
    ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 6:4