Երախտագիտություն


  • Գոհացէք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
    Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 16:8
  • Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
    Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 16:34
  • Նաեւ ըսէ՛ք. «Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, մեզ փրկէ՛ Ու մեզ հաւաքէ՛ եւ մեզ ազգերէն ազատէ՛, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։
    Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 16:35
  • Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ Եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր, Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ Ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ։
    ՍԱՂՄՈՍ 26:6-7
  • Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ, Առտուները՝ քու ողորմութիւնդ Ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել
    ՍԱՂՄՈՍ 92:1, 2
  • Գոհութիւնով անոր երեսին առջեւ գա՛նք, Սաղմոսներով աղաղակե՛նք անոր։
    ՍԱՂՄՈՍ 95:2
  • Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ Ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ. Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։
    ՍԱՂՄՈՍ 100:4
  • Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։
    ՍԱՂՄՈՍ 107:22
  • Երգեցէ՛ք Տէրոջը գոհութիւնով, Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով,
    ՍԱՂՄՈՍ 147:7
  • Անոնցմէ պիտի լսուի գովութեան երգ եւ Ուրախութեան ձայն։ Զանոնք պիտի շատցնեմ ու պիտի չքիչնան, Զանոնք պիտի փառաւորեմ ու պզտիկ պիտի չըլլան։
    ԵՐԵՄԵԱՅ 30:19
  • Ես քեզի գոհութիւն ու փառք կը մատուցանեմ, ո՛վ իմ հայրերուս Աստուածը, որ ինծի իմաստութիւն ու զօրութիւն տուիր ու հիմա ինծի գիտցուցիր ինչ որ քեզմէ խնդրեցինք, քանզի թագաւորին բանը մեզի գիտցուցիր»։
    ԴԱՆԻԷԼ 2:23
  • Շնորհակալութեան զոհը խմորեալ մատուցանեցէ՛ք Ու կամաւոր ընծաներ յայտարարեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք, Քանզի այսպէս սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
    ԱՄՈՎՍԱՅ 4:5
  • Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ Ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։ Փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։
    ՅՈՎՆԱՆՈՒ 2:9
  • Ամէն ատեն իմ Աստուծմէս ձեզի համար կը գոհանամ Իր շնորհքին համար, որ ձեզի տրուած է Քրիստոս Յիսուսով.
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:4
  • Վասն զի ամէն բան ձեզի համար է, որպէս զի շատերուն գոհութեամբ առատացած շնորհքը՝ աւելնայ Աստուծոյ փառքին համար։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4:15
  • Տրտմածներու պէս ու միշտ ուրախ ենք, աղքատներու պէս ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս եւ ամէն բան ստացած ենք։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:10
  • Որպէս զի ամէն բանի մէջ հարստանաք ամէն կերպ առատութիւնով, որ մեր ձեռքով պիտի մղէ գոհութիւն տալ Աստուծոյ։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9:11
  • Եւ գարշելի բաներ կամ յիմարական խօսքեր կամ խեղկատակութիւն, որ չի վայլեր, այլ մանաւանդ՝ գոհութիւն։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5:4
  • Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը ձեր սրտերուն մէջ։ Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5:19, 20
  • Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։
    ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4:6
  • Ոչ թէ կարօտութեան համար կ’ըսեմ. վասն զի ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ։
    ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4:11
  • Արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով։
    ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:7
  • Շարունակ աղօթքի ետեւէ եղէք, անոր մէջ արթուն մնալով գոհութեամբ։
    ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 4:2
  • Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ։
    ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 5:18
  • Վանս զի Աստուծոյ ամէն ստեղծածը բարի է ու մերժելու բան մը չկայ, եթէ գոհութեամբ ընդունուի.
    ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4:4
  • Ուստի անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13:15
  • Ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։
    ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 7:12
  • «Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր Աստուած, որ ե՛ս եւ որ էիր, որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր։
    ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 11:17