Աբորտ


  • Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։
    ԾՆՆԴՈՑ 1:27
  • «Սպաննութիւն մի՛ ըներ։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 5:17
  • Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։ Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը։
    ՅՈԲԱՅ 31:15
  • Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է։
    ՍԱՂՄՈՍ 127:3
  • Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։ Կը գոհանամ քեզմէ, Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։ Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ, Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ՝ ՝։
    ՍԱՂՄՈՍ 139:13-15
  • Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։
    ՍԱՂՄՈՍ 139:16
  • «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի»։
    ԵՐԵՄԵԱՅ 1:5