Մանկություն
-
Ասիկա քու հօրդ Աստուծմէն է. որ քեզի պիտի օգնէ Եւ Ամենակարողէն, որ քեզ պիտի օրհնէ, Վերէն երկնքի օրհնութիւններովը, Ծիծերուն ու արգանդին օրհնութիւններովը։
ԾՆՆԴՈՑ 49:25 -
Եւ Իսրայէլին որդիները աճեցան ու բազմացան եւ շատցան ու խիստ զօրացան եւ այն երկիրը անոնցմով լեցուեցաւ։
ԵԼԻՑ 1:7 -
Նաեւ քեզ պիտի սիրէ եւ քեզ պիտի օրհնէ ու քեզ պիտի շատցնէ եւ քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու ցորենդ, քու գինիդ, քու իւղդ, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ որ քեզի տայ։ Դուն բոլոր ազգերէն աւելի օրհնեալ պիտի ըլլաս ու ձեր մէջ եւ ձեր անասուններուն մէջ, թէ արուներէն եւ թէ՛ էգերէն, ամուլ պիտի չգտնուի։
Deuteronomy 7:13A, 14 -
Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։ Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը։
ՅՈԲԱՅ 31:15 -
Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։
ՍԱՂՄՈՍ 112:2 -
Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ Ու որդիներու ուրախ մայրը կ’ընէ։ Ալէլուիա՜։
ՍԱՂՄՈՍ 113:9 -
Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է։
ՍԱՂՄՈՍ 127:3 -
Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։
ՍԱՂՄՈՍ 139:13 -
Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։
ՍԱՂՄՈՍ 147:13 -
Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ Ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:11 -
Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ Անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ։ Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ Եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս։ Անոնք իբր թէ՝ խոտերու պէս, Ջուրի վտակներու քով եղող ուռիներու պէս պիտի բուսնին։
ԵՍԱՅԵԱՅ 44:3, 4 -
Առանց ցաւ կրելու ծնաւ, Երկունքի ցաւը գալէ առաջ մանչ մը ծնաւ։ ‘Ես որ ծնանելու վայրկեանը կը բերեմ, Ծնանիլ պիտի չտա՞մ’, կ’ըսէ Տէրը. ‘Ես որ յղանալ կ’արտօնեմ, Արգանդը պիտի գոցե՞մ’, կ’ըսէ քու Աստուածդ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 66:7, 9 -
«Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի»։
ԵՐԵՄԵԱՅ 1:5 -
Երանի՜ անոր որ հաւատացեր է, քանզի՝ ՝ պիտի կատարուին այն բաները, որոնք Տէրոջմէն ըսուեցան իրեն»։
ՂՈԻԿԱՍ 1:45 -
Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է. բայց երբ տղան ծնանի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր ուրախութենէն՝ քանի որ մարդ մը աշխարհ եկաւ։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:21 -
Սակայն պիտի փրկուի անիկա որդեծնութեամբ, եթէ պարկեշտութիւնով կենան հաւատքի եւ սիրոյ ու սրբութեան մէջ։
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:15 -
Հաւատքով ինք՝ Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ. վասն զի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11:11