Երեխաներ


  • Ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 6:7
  • «Ուշադրութեամբ հնազանդիր այս բոլոր խօսքերուն, որոնք քեզի պատուիրեցի, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ աղէկ ու հաճոյ եղածը ընելովդ՝ քեզի ու քեզմէ յետոյ քու որդիներուդ յաւիտեան աղէկ ըլլայ։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 12:28
  • Անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի, որպէս զի ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն։ Քանզի ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք այն երկրին մէջ, որուն համար Յորդանանէն կ’անցնիք զանիկա ժառանգելու»։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 32:46,47
  • Նայեցայ ու ելայ եւ իշխաններուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է եւ ձեր եղբայրներուն, տղաքներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար պատերազմեցէ՛ք»։
    ՆԷԵՄԵԱՅ 4:14
  • Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի, Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ։
    ՍԱՂՄՈՍ 34:11
  • Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։
    ՍԱՂՄՈՍ 119:9
  • Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան։
    ՍԱՂՄՈՍ 144:12
  • Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ.
    ԱՌԱԿԱՑ 3:1
  • Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 3:12
  • Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր. «Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ, Իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրի։ Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր, Մի՛ մոռնար ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիր։
    ԱՌԱԿԱՑ 4:4,5
  • Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք, Վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։ Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛ք Ու զանիկա մի՛ մերժէք։
    ԱՌԱԿԱՑ 8:32-33
  • Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 13:24
  • Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ Եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար՝ ՝։
    ԱՌԱԿԱՑ 19:18
  • Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստի Անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան։
    ԱՌԱԿԱՑ 20:7
  • Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը՝ ՝, Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։
    ԱՌԱԿԱՑ 22:6
  • Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է. Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 22:15
  • Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, Վասն զի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր։
    ԱՌԱԿԱՑ 23:13
  • Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 54:13
  • Երբ ճաշը ըրին, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսին. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս»։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 21:15
  • Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:4
  • Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին։
    ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:21
  • Որ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու.
    ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3:4
  • Եւ այն բաները որոնք ինծմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել։
    2 Timothy 2:2
  • Flee also youthful lusts: but follow righteousness, faith, charity, peace, with them that call on the Lord out of a pure heart.
    ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:22
  • Մոռցաք այն յորդորը որ ձեզի հետ կը խօսի որպէս թէ որդիներու հետ. «Ո՛րդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անկէ յանդիմանուելով՝ մի՛ թուլնար։ Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի» Եթէ խրատի համբերէք, Աստուած ձեզի հետ որպէս թէ որդիներու հետ պիտի վարուի. քանզի ո՞ր որդին է ան՝ որուն հայրը զինք չի պատժեր։ Իսկ եթէ դուք առանց խրատի ըլլաք, որուն ամէնքը մասնակից եղան, ուրեմն խո՛րթ էք դուք ու ո՛չ թէ որդիներ։ Նաեւ մարմնաւոր հայրերէն, որ մեզ կը խրատեն, կը պատկառինք, որչա՞փ աւելի պիտի հնազանդինք հոգիներուն Հօրը ու ապրինք։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:5-9
  • Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն։
    ԵՐՐՈՐԴ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1:4