Ազնվություն


  • Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։ Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ, Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 11:1,3
  • Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ’իյնայ, Բայց արդարը նեղութենէ կ’ազատի։ Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ, Իսկ սուտ վկան՝ նենգութիւնը։
    ԱՌԱԿԱՑ 12:13,17
  • Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, Բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 28:13
  • Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:17
  • Հապա կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ. հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4:2
  • Քանզի ո՛չ միայն Տէրոջը առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ բարի բաներ ընելու հոգ կը տանինք։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 8:21
  • Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք
    ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:9
  • Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք ու աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէս զի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի։
    ՅԱԿՈԲՈՒ 5:16