Հաղթանակ Տիրոջից


  • Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասն զի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք։ Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի։ Դուք լո՛ւռ կեցէք»։
    ԵԼԻՑ 14:13, 14
  • Ո՛վ Տէր, ինծի հետ հակառակողներուն հետ հակառակէ՛. Ինծի հետ պատերազմողներուն հետ պատերազմէ՛։
    ՍԱՂՄՈՍ 35:1
  • Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, Վասն զի հրաշքներ ըրաւ, Իր աջ ձեռքը ու սուրբ բազուկը Իրեն փրկութիւն տուին։
    ՍԱՂՄՈՍ 98:1
  • Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք. «Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք. Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով Ու Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ. Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ»։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 35:4
  • Տէրը ամէն չար գործէ պիտի ազատէ զիս եւ ապահովութեամբ իր երկնային թագաւորութեանը պիտի հասցնէ։ Իրեն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4:18
  • Այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13:6
  • Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասն զի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3:8
  • Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ։
    ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 12:11