Ստեղծում - էվոլյուցիա
-
Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
ԾՆՆԴՈՑ 1:1 -
Աստուած ըսաւ. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող շատ սողուններ թող հանեն եւ թռչունները երկրի վրայ, երկնքի հաստատութեանը երեսը թող թռչին»։
ԾՆՆԴՈՑ 1:20 -
Աստուած ստեղծեց մեծամեծ կէտերը եւ ամէն սողացող շնչաւոր կենդանի, որոնք ջուրերը առատ հանեցին իրենց տեսակին պէս ու ամէն թեւաւոր թռչուն՝ իր տեսակին պէս։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։
ԾՆՆԴՈՑ 1:21 -
Աստուած ըսաւ. «Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս»։ Եւ այնպէս եղաւ։
ԾՆՆԴՈՑ 1:24 -
Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։
ԾՆՆԴՈՑ 1:26 -
Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։
ԾՆՆԴՈՑ 1:27 -
Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ։
ԾՆՆԴՈՑ 2:7 -
Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։
ԵԼԻՑ 20:11 -
Բայց, աղէ՜, անասուններուն հարցուր, որպէս զի քեզի սորվեցնեն Ու երկնքի թռչուններուն՝ որպէս զի քեզի իմացնեն, Կամ թէ երկրին ըսէ ու անիկա քեզի պիտի սորվեցնէ. Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն։ Ասոր հետ մէկտեղ ո՞վ չի գիտեր, Թէ ասիկա ընողը Տէրոջը ձեռքն է,
ՅՈԲԱՅ 12:7-9 -
Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ Ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ։
ՅՈԲԱՅ 37:5 -
Ահա Բեհեմովթը, որ քեզի հետ ստեղծեցի. Անիկա արջառի պէս խոտ կ’ուտէ։ Ահա հիմա անոր զօրութիւնը իր մէջքն է Եւ ոյժը փորին մկաններուն մէջ։ Պոչը կ’երերցնէ եղեւինի պէս, Ազդրերուն ջիղերը հիւսուած են։ Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ՝ ՝ են, Անոր անդամները երկաթէ նիգերու պէս են։
ՅՈԲԱՅ 40:15-18 -
Հիւսիսը ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր. Թաբորն ու Հերմոնը քու անունովդ կը ցնծան։
ՍԱՂՄՈՍ 89:12 -
Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝ Երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝ Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած։
ՍԱՂՄՈՍ 90:2 -
Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կ’ստեղծուին Ու երկրին երեսը կը նորոգես։
ՍԱՂՄՈՍ 104:30 -
Թող Տէրոջը անունը օրհնեն. Վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։
ՍԱՂՄՈՍ 148:5 -
Երկինքը ստեղծող ու զանիկա կազմող, Երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող, Անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչ Եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
ԵՍԱՅԵԱՅ 42:5 -
Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը, Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը, Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:7 -
Երկիրը ես շինեցի Ու անոր վրայ մարդը ստեղծեցի։ Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին Եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի։
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:12 -
Քանզի այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, Զանիկա շինեց եւ հաստատեց, Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, Հապա բնակութեան համար կազմեց։ «Տէրը ե՛ս եմ ու ինծմէ ուրիշը չկայ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:18 -
Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ Եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։
ԵՍԱՅԵԱՅ 65:17 -
Միթէ ամէնքը մէկ հայր չունի՞ն, Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։ Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով՝ Մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ։
ՄԱՂԱՔԵԱՅ 2:10 -
Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ.
ՄԱՐԿՈՍ 10:6 -
Քանզի այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։
ՄԱՐԿՈՍ 13:19 -
Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1:3 -
Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։ Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ սրտերնին անմտութիւնով՝ ՝ խաւարեցաւ։ Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան Եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։ Անոր համար Աստուած ալ պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ անարգելու։ Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:20-25 -
Զի ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց,) Այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին։ Քանզի գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:19-22 -
Վասն զի այր մարդը չստեղծուեցաւ կնոջը համար, հապա կինը՝ էրկանը համար։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11:9 -
Վասն զի մենք անոր ձեռագործն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար։ Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ, որպէս զի անոնց մէջ քալենք։
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 2:10 -
Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար, թէ՛ աթոռները, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները. բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան։
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 1:16 -
Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս։
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:8 -
Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:10 -
Որոնք ամուսնանալէ պիտի արգիլեն ու ետ պիտի պահեն այն կերակուրներէն՝ որոնք Աստուած ստեղծեր է որպէս զի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը ճանչցողները գոհութեամբ վայելեն։
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4:3 -
Եւ՝ «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է.
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1:10 -
Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է. Վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին։ Հաւատքով կ’իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ ու աներեւոյթ բաներէն այս երեւցածները եղան։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11:1-3 -
Բայց նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն Եւ պիտի ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր։ Քանզի անոնք (որոնց ուզածը այս է,) այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. Որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 3:3-6 -
Եւ Լաւոդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը.
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 3:14 -
Քսանըչորս երէցները աթոռին առջեւ կ’իյնային ու երկրպագութիւն կ’ընէին յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին։ Իրենց պսակները աթոռին առջեւ կը ձգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 4:10-11 -
Ու երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին վրայ, որ ստեղծեց երկինքը ու ինչ որ անոր մէջ է ու երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է եւ ծովը ու ինչ որ անոր մէջ է, թէ՝ ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ.
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 10:6 -
Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 14:6-7