Ուժ
-
Վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ պիտի երթայ, ձեզի համար՝ ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու եւ ձեզ ազատելու’։
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 20:4 -
Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։
ՅԵՍՈՒԱՅ 1:9 -
Դաւիթ իր որդիին Սողոմոնին ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, քանզի Տէր Աստուած, իմ Աստուածս, քեզի հետ է. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ, մինչեւ որ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր գործերը լմնցնես։
Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 28:20 -
Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ՝ ՝։
Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 32:8 -
Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։
ՆԷԵՄԵԱՅ 8:10 -
Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար, Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։
ՍԱՂՄՈՍ 8:2 -
Քանզի քեզմով գունդի մը վրայ կ’արշաւեմ Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ։ Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։ Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։
ՍԱՂՄՈՍ 18:29, 30B, 32 -
Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին, Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։
ՍԱՂՄՈՍ 20:7 -
Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։
ՍԱՂՄՈՍ 21:1 -
Հաւատացի թէ Տէրոջը բարութիւնը պիտի տեսնեմ Կենդանիներուն երկրին մէջ։ Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ։
ՍԱՂՄՈՍ 27:13, 14 -
Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է. Իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։ Ուստի սիրտս ուրախացաւ Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ։ Տէրը անոնց ոյժն է Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։
ՍԱՂՄՈՍ 28:7, 8 -
Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է Ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։
ՍԱՂՄՈՍ 34:18 -
Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։
ՍԱՂՄՈՍ 34:22 -
Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։ Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։
ՍԱՂՄՈՍ 37:23, 24 -
Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։
ՍԱՂՄՈՍ 37:39 -
Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի. Մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի։ Ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս Զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. Որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին Եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան։
ՍԱՂՄՈՍ 71:17, 18 -
Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի, Նորէն զիս պիտի կենդանացնես Ու երկրին անդունդներէն նորէն զիս պիտի հանես։ Իմ պատիւս պիտի շատցնես Ու զիս պիտի մխիթարես։
ՍԱՂՄՈՍ 71:20, 21 -
Իմ մարմինս ու սիրտս կը մաշին, Բայց Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան։
ՍԱՂՄՈՍ 73:26 -
Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ է Ու իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։ Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան, Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան.
ՍԱՂՄՈՍ 84:5, 7 -
Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին։
ՍԱՂՄՈՍ 94:19 -
Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է Ու իմ փրկութիւնս եղաւ։
ՍԱՂՄՈՍ 118:14 -
Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի, Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։
ՍԱՂՄՈՍ 119:28 -
Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է, Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։
ՍԱՂՄՈՍ 119:50 -
Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ, Դուն զիս պիտի կենդանացնես, Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։
ՍԱՂՄՈՍ 138:7 -
Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր, Դուն իմ շաւիղս գիտցար։ Իմ քալած ճամբուս մէջ Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։
ՍԱՂՄՈՍ 142:3 -
Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին, Ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը, Ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն, Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 25:4 -
Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:29 -
Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի Եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն՝ ՝, Պիտի վազեն ու չթուլնան, Պիտի քալեն ու չյոգնին։
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:31 -
Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:10 -
Աղքատներն ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ. Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է. Ես Տէրս անոնց խնդրուածքին պիտի պատասխանեմ։ Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:17 -
Սիօնի սգաւորները որոշելու Ու անոնց մոխիրի տեղ՝ փառք, Սուգի տեղ՝ ուրախութեան իւղ, Կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու։ Եւ զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ, Որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար։
ԵՍԱՅԵԱՅ 61:3 -
Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ դուք այսպէս խօսեցաք, Ահա ես իմ խօսքերս քու բերնիդ մէջ՝ կրակ Եւ այս ժողովուրդը փայտ պիտի ընեմ, Որ զանոնք սպառէ»։
Jeremiah 5:14 -
Բայց Տէրը յաւիտեան չի մերժեր։ Թէեւ ցաւ կու տայ, իր ողորմութեան շատութիւնովը գթութի՛ւն ալ կ’ընէ։ Քանզի իր կամքովը նեղութիւն չի տար ու մարդու որդիները չի տրտմեցներ։
ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 3:31-33 -
Անոնք Տէրոջմով պիտի զօրանան Ու անոր անունովը պիտի պտըտին», կ’ըսէ Տէրը։
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 10:12 -
Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:20 -
Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26 -
Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:8 -
Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 4:13 -
Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:28 -
Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. ‘Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ’։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:31 -
Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է, բայց մեզի փրկուածներուս Աստուծոյ զօրութիւնն է
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:18 -
Ու իմ խօսքս եւ քարոզութիւնս ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էր, հապա Հոգիին համոզիչ զօրութիւնով։ Որպէս զի ձեր հաւատքը մարդոց իմաստութիւնովը չըլլայ, հապա Աստուծոյ զօրութիւնովը։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2:4, 5 -
Արթո՛ւն կեցէք, հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք, ժի՛ր եղէք, զօրացէ՛ք։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 16:13 -
Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է.
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3:5 -
Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10:4 -
Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։ Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:9, 10 -
Կ’աղաչեմ որ տայ ձեզի իր փառքին ճոխութեանը չափովը որ Հոգիին զօրութիւնով հաստատուի ներսի մարդուն մէջ.
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 3:16 -
Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:10 -
Այս մասին վստահ ըլլալով՝ թէ ան որ ձեր մէջ բարի գործ մը սկսաւ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսին օրը պիտի կատարէ։
ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 1:6 -
Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց։
ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4:13 -
Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:7 -
Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ. եթէ զինք ուրանանք, ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ.
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:12 -
Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:4