Երջանկություն


  • Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։
    ՆԷԵՄԵԱՅ 8:10
  • Բայց բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան. Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։
    ՍԱՂՄՈՍ 5:11
  • Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. Երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։
    ՍԱՂՄՈՍ 16:11
  • Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան. Քու ներկայութեանդ ցնծութեամբ ուրախացուցիր զայն։
    ՍԱՂՄՈՍ 21:6
  • Վասն զի մէկ րոպէ է իր բարկութիւնը, Բայց իր հաճութիւնը՝ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին. Իրիկունը լաց կայ, Բայց առտուն՝ ուրախութիւն։
    ՍԱՂՄՈՍ 30:5
  • Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։
    ՍԱՂՄՈՍ 126:5
  • Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան Ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։ Վասն զի քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես. Երանի՜ է քեզի ու քեզի լաւ պիտի ըլլայ։
    ՍԱՂՄՈՍ 128:1, 2
  • Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, Երգով Սիօն պիտի գան Եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան Եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 35:10
  • Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ մնայ ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15:11
  • Վասն զի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։
    ԵՐՋԱՆԿՈՒԹՅՈՒՆ 14:17