Հավատի պայքար
-
Ու անոնց ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ։ Այսօր դուք ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու կը ստիպուիք։ Սրտերնիդ թող չթուլնայ։ Մի՛ վախնաք, մի՛ զարհուրիք ու անոնց երեսէն մի՛ դողաք.
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 20:3 -
Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս, Որ իմ ձեռքերս մարտնչելու կը վարժեցնէ Ու իմ մատներս՝ պատերազմելու։
ՍԱՂՄՈՍ 144:1 -
Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:18 -
Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ Քրիստոսով ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2:14 -
Կ’աղաչեմ որ տայ ձեզի իր փառքին ճոխութեանը չափովը որ Հոգիին զօրութիւնով հաստատուի ներսի մարդուն մէջ.
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 3:16 -
Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար եւ շատ վկաներու առջեւ դաւանեցար բարի դաւանութիւնը։
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 6:12 -
Արդ՝ դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:3 -
Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:4 -
Կը գրեմ ձեզի, տղա՛քներ, վասն զի դուք ճանչցաք Հայրը։ Գրեցի ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա որ սկիզբէն է։ Գրեցի ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք ուժով էք եւ Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը բնակի ու չարին յաղթեցիք։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:14 -
Սի՛րելիներ, բոլոր ջանքը վրաս առնելով ձեզի կը գրեմ հասարակաց փրկութեան համար, իմ անձիս պարտք սեպեցի ձեզի գրել ու յորդորել, որ մրցիք այն հաւատքին համար, որ անգամ մը սուրբերուն աւանդուեցաւ
ՅՈՒԴԱՅԻ 1:3