Ուղղորդում


  • Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր Եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ,
    ԱՌԱԿԱՑ 27:23
  • Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես՝ ինքս՝ իմ ոչխարներս պիտի պահանջեմ ու փնտռեմ։
    ԵԶԵԿԻԷԼԻ 34:11
  • Նորէն երկրորդ անգամ ըսաւ անոր. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 21:16
  • Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3:6, 7
  • Աստուծոյ շնորհքին չափովը, որ ինծի տրուեցաւ, իմաստուն ճարտարապետի մը պէս հիմ դրի, բայց անոր վրայ շինողը ուրիշ է. միայն թէ ամէն մէկը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3:10
  • Եթէ մենք ձեզի հոգեւոր բաներ սերմանեցինք, մե՞ծ բան է՝ եթէ ձեզմէ մարմնաւոր բաներ հնձենք։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9:11
  • Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ՝ ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9:6
  • Եւ այն բաները որոնք ինծմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:2
  • Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ,
    ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 5:2