Պաշտպանություն


  • Ուստի իմ կանոններս պէտք է կատարէք եւ կարգադրութիւններս պահէք՝ ու գործադրէք զանոնք. այն ատեն այն երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
    ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 25:18
  • Բենիամինին համար ըսաւ. «Տէրոջը սիրելին անոր քով թող ապահովութեամբ բնակի. Աստուած միշտ զանիկա պաշտպանէ Ու անոր ուսերուն մէջ բնակի»։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 33:12
  • Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է Ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են՝ ՝. Քանզի թշնամիները քու առջեւէդ պիտի վռնտէ Ու ‘Զանոնք կոտրէ’ պիտի ըսէ։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 33:27
  • Ուստի հիմա կամք ըրէ՝ ՝ քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. քանզի, ո՛վ Տէր Եհովա, դուն ըսիր ու քու օրհնութիւնովդ ծառայիդ տունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ»։
    Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 7:29
  • Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
    Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 8:6
  • Եւ ուր որ կ’երթայիր՝ քեզ հետ էի եւ քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի ու քու անունդ երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս ըրի։
    Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 17:8
  • Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։
    ՍԱՂՄՈՍ 4:8
  • I have set the LORD always before me: because he is at my right hand, I shall not be moved.
    ՍԱՂՄՈՍ 16:8
  • Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։ Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։ Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը. Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ՝ ՝ զանոնք Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։
    ՍԱՂՄՈՍ 21:7-9
  • Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ Ու զանոնք կ’ազատէ։
    ՍԱՂՄՈՍ 34:7
  • Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։
    ՍԱՂՄՈՍ 46:1
  • Բայց թագաւորը Աստուծմով պիտի ուրախանայ, Բոլոր անով երդում ընողները պիտի պարծենան, Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի պապանձի։
    ՍԱՂՄՈՍ 63:11
  • Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր, Քեզի չարիք պիտի չհասնի Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։
    ՍԱՂՄՈՍ 91:9, 10
  • Եթէ Տէրը չշինէ տունը, Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները։ Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։
    ՍԱՂՄՈՍ 127:1
  • Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։ Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ, Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։
    ՍԱՂՄՈՍ 132:17,18
  • Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը Ու իր Դաւիթ ծառան չար սուրէն ազատողը ա՛ն է։
    ՍԱՂՄՈՍ 144:10
  • Վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ Եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի։
    ԱՌԱԿԱՑ 3:26
  • Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ Ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան։
    ԱՌԱԿԱՑ 14:26
  • Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, Արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ։
    ԱՌԱԿԱՑ 18:10
  • Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, Բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է։
    ԱՌԱԿԱՑ 21:31
  • Աստուծոյ բոլոր խօսքերը մաքուր են։ Անիկա իրեն ապաւինողներուն ասպար է։
    ԱՌԱԿԱՑ 30:5
  • Յիրաւի Տէր Եհովան բան մը չըներ, Մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ։
    ԱՄՈՎՍԱՅ 3:7
  • Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։ Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին՝ ՝ իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:11, 12