Բուժում
-
Եւ ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը քու Աստուծոյդ ձայնին ուշադրութեամբ մտիկ ընես ու ինչ որ անոր առջեւ շիտակ է՝ ընես եւ անոր պատուիրանքներուն ականջ դնես ու անոր բոլոր կանոնները պահես, այն ախտերէն մէ՛կը քու վրադ պիտի չբերեմ, որոնք Եգիպտացիներուն վրայ բերի. քանզի ես եմ Տէրը, որ քեզ կը բժշկեմ»։
ԵԼԻՑ 15:26 -
«Դարձի՛ր ու իմ ժողովուրդիս իշխանին Եզեկիային ըսէ. ‘Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ, ահա քեզ պիտի բժշկեմ ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը պիտի ելլես
Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ -
Արդարին նեղութիւնները շատ են, Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։
ՍԱՂՄՈՍ 34:19 -
Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ,
ՍԱՂՄՈՍ 103:3 -
Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։
ՍԱՂՄՈՍ 107:20 -
Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:29 -
Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:5 -
Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ Եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի քեզ ‘Աքսորուած’ կոչեցին, ‘Այս այն Սիօնն է, որ փնտռող չկայ’, ըսին»։
ԵՐԵՄԵԱՅ 30:17 -
Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։ Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ Ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս Դուրս պիտի ելէք ու պիտի ցատկէք։
Malachi 4:2 -
Յիսուս իր քով կանչելով իր տասներկու աշակերտները, անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէս զի զանոնք հանեն եւ ամէն ցաւ ու ամէն հիւանդութիւն բժշկեն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:1 -
Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. Իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին. Ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։
ՄԱՐԿՈՍ 16:17-18 -
Տեսնելով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք»։ Երբ կ’երթային, մաքրուեցան։
ՂՈԻԿԱՍ 17:14 -
Պետրոս ըսաւ անոր. «Ենիա՛, Յիսուս Քրիստոս քեզ կը բժշկէ. ելի՛ր ու քու անկողինդ շտկէ»։ Ան ալ շուտ մը ելաւ։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 9:34 -
Որպէս զի չըլլայ որ ես հպարտանամ խիստ շատ յայտնութիւններուն համար։ Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, որպէս զի չըլլայ թէ հպարտանամ։ Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինծմէ։ Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:7-9 -
Եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն, որ չըլլայ թէ ան որ կաղ է՝ խոտորի, այլ՝ մանաւանդ բժշկուի։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:13 -
Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր։ Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք ու աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէս զի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի։
ՅԱԿՈԲՈՒ 5:14-16