Ներողամտություն
-
Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛։ Ես եմ Տէրը։
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 19:18 -
Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս, Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս.
ՍԱՂՄՈՍ 18:25 -
Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես Եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։
ՍԱՂՄՈՍ 86:5 -
Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։
ՍԱՂՄՈՍ 103:12 -
Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն. Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։ Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ Շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես։
ԱՌԱԿԱՑ 3:3,4 -
«Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:25 -
Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 5:7 -
«Վասն զի եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. Իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:14,15 -
Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը։
ՄԱՏԹԷՈՍ 18:21,22 -
Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 18:35 -
Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները։
ՄԱՐԿՈՍ 11:25 -
«Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզ պիտի ներուի։
ՂՈԻԿԱՍ 6:37 -
Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ Ու անոր հանդերձները բաժնելու ատեննին վիճակ ձգեցին։
ՂՈԻԿԱՍ 23:34 -
Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես ալ չեմ դատապարտեր քեզ. գնա՛ ու ասկէ յետոյ մեղք մի՛ գործեր»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 8:11 -
Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի։
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4:32 -
Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:13 -
FՎասն զի ես անոնց անիրաւութիւններուն պիտի ներեմ եւ անոնց մեղքերն ու անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 8:12 -
Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ շնորհքէն ետ մնայ. չըլլայ որ դառնութեան արմատ մը վեր երեւնալով՝ ձեզ նեղէ ու անով շատեր պղծուին.;
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:15 -
Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1:9