հոգևոր աճ


  • Իսկ անիկա գիտէ իմ ճամբաս։ Երբ զիս փորձէ, ոսկիի պէս պիտի ելլեմ։
    ՅՈԲԱՅ 23:10
  • Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան Ու Տէրոջը պիտի յուսան։
    ՍԱՂՄՈՍ 40:3
  • Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 3:12
  • Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ։ Բրուտն ալ անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ։
    ԵՐԵՄԵԱՅ 18:4
  • Միթէ քու սիրտդ կրնա՞յ՝ դիմանալ, կամ թէ ձեռքերդ կրնա՞ն ուժովնալ այն օրերը՝ երբ ես քեզի հատուցում ընեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ։
    ԵԶԵԿԻԷԼԻ 22:14
  • Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ եւ ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։
    ԵԶԵԿԻԷԼԻ 36:26
  • «Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
  • Ո՛չ ալ նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնեն. քանի որ տիկերը կը պատռին ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն ու երկուքն ալ կը պահուին»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 9:17
  • Բայց ան որ չի գիտեր ու ծեծի արժանի բան մը ընէ, քիչ ծեծ պիտի ուտէ։ Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ եւ որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ»։
    ՂՈԻԿԱՍ 12:48
  • Տէրը ըսաւ. «Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. Բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։
    ՂՈԻԿԱՍ 22:31, 32
  • Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտկնամ»։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:30
  • Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 12:24
  • Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15:2
  • Իմ մէջս կեցէք ու ես ձեր մէջ։ Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15:4
  • Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. որպէս զի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտինք։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:4
  • Եւ ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:13
  • IԱրդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:1, 2
  • Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10:13
  • Այս պատճառով չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի։ Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ,
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
  • Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 5:17
  • FՔանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ թէ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ’ընենք, Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10:3, 4
  • Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։ Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12:9, 10
  • Եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք Եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4:23, 24
  • Այս մասին վստահ ըլլալով՝ թէ ան որ ձեր մէջ բարի գործ մը սկսաւ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսին օրը պիտի կատարէ։
    ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 1:6
  • Եղբա՛յրներ, ես չեմ սեպեր թէ բռներ եմ։ Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. Նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ։
    ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 3:13, 14
  • Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար եւ շատ վկաներու առջեւ դաւանեցար բարի դաւանութիւնը։
    ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 6:12
  • Արդ՝ դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:3
  • Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, Գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ։
    ՅԱԿՈԲՈՒ 1:2, 3
  • Ուստի հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։
    ՅԱԿՈԲՈՒ 4:7
  • Որով կ’ուրախանաք, թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով Որպէս զի ձեր հաւատքին փորձառութիւնը (որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է, թէեւ ոսկին կրակով կը փորձուի,) գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը.
    1 Peter 1:6, 7
  • Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. Հապա ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք, որպէս զի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք։
    1 Peter 4:12, 13