Մատակարարում
-
Տէրը իմ հովիւս է. Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։
ՍԱՂՄՈՍ 23:1 -
Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն, Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։
ՍԱՂՄՈՍ 34:10 -
Տղայ էի ու ծերացայ, Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։
ՍԱՂՄՈՍ 37:25 -
Տէրը օրհնեալ ըլլայ օրէ օր. Եթէ բեռ ալ դնէ մեր վրայ՝ ՝, Աստուած է մեր փրկիչը։ (Սէլա։)
ՍԱՂՄՈՍ 68:19 -
Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ հանեցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն։ Լայն բաց քու բերանդ Ու զանիկա ես պիտի լեցնեմ։
ՍԱՂՄՈՍ 81:10 -
Քանզի Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է. Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։ Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ Ուղղութեամբ քալողներէն։
ՍԱՂՄՈՍ 84:11 -
Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։ Քու ձեռքդ կը բանաս Ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։
ՍԱՂՄՈՍ 145:15b,16 -
Արդարը մինչեւ իր անձին կշտանալը կ’ուտէ, Բայց ամբարիշտները կարօտութիւն պիտի քաշեն։
ԱՌԱԿԱՑ 13:25 -
Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք, Երկրին բարիքը պիտի ուտէք, Բայց եթէ զիս մերժելով պիտի ապստամբիք, Սուրը պիտի ուտէ ձեզ»։ Վասն զի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ ասիկա։
ԵՍԱՅԵԱՅ 1:19, 20 -
Զանոնք ու իմ լերանս շրջակայ տեղերը օրհնութիւնով պիտի լեցնեմ ու անձրեւները իրենց ժամանակին պիտի իջեցնեմ, որոնք օրհնութեան անձրեւներ պիտի ըլլան։
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 34:26 -
Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞, Որ դուք զիս կը կողոպտէք. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք’. Տասանորդներ ու ընծաներ։ Դուք անէծքով անիծուած էք, Քանզի դուք բոլորդ զիս կողոպտեցիք։ Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, Որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ Ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, Այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ։
ՄԱՂԱՔԵԱՅ 3:8-10 -
Ուրեմն անոնց մի՛ նմանիք, վասն զի ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:8 -
Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։
ՄԱՏԹԷՈՍ 6:33 -
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7,8 -
Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11 -
Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:22 -
Ապա ըսաւ անոնց. «Երբ ձեզ ղրկեցի առանց քսակի ու պարկի եւ կօշիկներու, բանի մը կարօտ եղա՞ք»։
ՂՈԻԿԱՍ 22:35 -
Նոյնպէս ալ Տէրը հրաման տուաւ, որ աւետարանը քարոզողները աւետարանէն ապրին։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9:14 -
Եւ իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։
ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4:19 -
Վանս զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին։
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 6:10 -
Եւ ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3:22 -
Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի։ Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:14,15