Վախ
-
Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, Ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, Ես որմէ՞ պիտի դողամ։ Վասն զի չար օրուան մէջ՝ Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ, Իր վրանին ծածկոցովը զիս պիտի ծածկէ, Վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս։
ՍԱՂՄՈՍ 27:1,5 -
Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ Եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։
ՍԱՂՄՈՍ 34:4 -
Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։ Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին, Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին, Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)
ՍԱՂՄՈՍ 46:1-3 -
Երբ վախնամ քեզի պիտի յուսամ։ Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը. Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
ՍԱՂՄՈՍ 56:3,4 -
Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն, Ոչ ալ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն Ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։
ՍԱՂՄՈՍ 91:5,6 -
Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի Ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։
ԱՌԱԿԱՑ 1:33 -
Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս Ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։
ԱՌԱԿԱՑ 3:24 -
Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք. «Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք. Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով Ու Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ. Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ»։
ԵՍԱՅԵԱՅ 35:4 -
Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:10 -
Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, Քանզի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար»։
ԵՐԵՄԵԱՅ 1:8 -
Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:27 -
Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:15 -
Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:7 -
Որովհետեւ զաւակները մարմնին ու արիւնին հաղորդակցեցան, ինքն ալ անոնց բաժնեկից եղաւ, որպէս զի իր մահովը փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Սատանան Եւ ազատէ զանոնք որ մահուան վախովը միշտ ծառայութեան մէջ կ’ապրէին։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 2:14,15] -
Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ». Այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13:5, 6 -
Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:18