Աստծո Խոսքը


  • Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։
    ՍԱՂՄՈՍ 119:11
  • Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ։
    ՍԱՂՄՈՍ 119:130
  • Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 4:4
  • Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 24:35
  • Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս,) շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1:1,14
  • Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:63
  • Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15:3
  • Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:15
  • Վանս զի Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 4:12
  • Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք [մինչեւ փրկութիւն],
    ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 2:2