Հանգչելով Տիրոջը
-
Անիկա ըսաւ. «Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ ու քեզ պիտի հանգստացնեմ»։
ԵԼԻՑ 33:14 -
Երբ անոնք քաղաքին ծայրը կ’իջնէին, Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Մանչուն ըսէ՛, որ մեր առջեւը անցնի»։ (Եւ անիկա անցաւ։) «Հիմա դուն հոս կեցիր, որպէս զի Աստուծոյ պատգամը քեզի իմացնեմ»։
Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 9:27 -
Ասա Յուդային ըսաւ. «Այս երկիրը քանի որ մեր իշխանութեան տակն է՝ ՝, նոր քաղաքներ շինենք ու զանոնք պարիսպներով, աշտարակներով, դռներով ու նիգերով շրջապատենք. քանզի մենք մեր Աստուածը փնտռեցինք ու ատոր համար ամէն կողմէ մեզի հանգստութիւն տուաւ։ Զանոնք շինեցին ու յաջողութիւն գտան։
Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 14:7 -
Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։)
ՍԱՂՄՈՍ 4:4 -
Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ։
ՍԱՂՄՈՍ 27:14 -
Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛ Եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին Ու խաբէութիւն ընող մարդուն։
ՍԱՂՄՈՍ 37:7 -
Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս
ՍԱՂՄՈՍ 40:1 -
Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած. Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։
ՍԱՂՄՈՍ 46:10 -
Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ Ու ան քեզ պիտի խնամէ. Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։
ՍԱՂՄՈՍ 55:22 -
Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ. Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք, Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)
ՍԱՂՄՈՍ 62:8 -
Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, Վասն զի քեզի կը յուսայ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 26:3 -
Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ. «Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։ Բայց դուք չուզեցիք,
ԵՍԱՅԵԱՅ 30:15 -
Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։
ԵՍԱՅԵԱՅ 32:17 -
Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի Եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն՝ ՝, Պիտի վազեն ու չթուլնան, Պիտի քալեն ու չյոգնին։
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:31 -
«Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի Ու որուն յոյսը Տէրն է։ Անիկա ջուրերուն քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով՝ Տաքութեան գալը չի տեսներ. Հապա անոր տերեւը կանանչ կ’ըլլայ Ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չի քաշեր Ու միշտ պտուղ պիտի տայ»։
Jeremiah 17:7, 8 -
Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու։ Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ։ Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, վասն զի ձեր բոլոր սրտովը պիտի խնդրէք զիս
Jeremiah 29:11-13 -
Տէրը բարի է իրեն ապաւինողներուն ու զինք փնտռող հոգիին։ Տէրոջը փրկութեան սպասելն ու լռութեամբ յուսալը աղէկ է։
Lamentations 3:25, 26 -
Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։
Matthew 11:28-30 -
Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։
ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4:7 -
Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:12 -
Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։
ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 5:7