Սեր


  • «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
  • Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 22:37-40
  • Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 25:40
  • Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3:16
  • ‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 13:34, 35
  • Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք»։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:15
  • Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։ Ըսաւ անոր Յուդա (ոչ Իսկարիովտացին), «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ եւ անոր պիտի գանք ու անոր քով օթեւան պիտի ընենք։ Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր։ Այն խօսքը որ կը լսէք՝ իմս չէ, հապա Հօրս՝ որ զիս ղրկեց։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:21-24
  • Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15:13
  • FՎասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:38,39
  • Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:9
  • Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13:13
  • Ձեր ամէն բաները սիրով ըլլան։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 16:14
  • Վասն զի բոլոր օրէնքը այս մէկ խօսքին մէջ կ’ամփոփուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։
    ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5:14
  • Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։
    ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:13,14
  • Եւ ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։
    ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 4:8
  • Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ. մենք ալ պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը։ Բայց ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ։ Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3:16-18
  • Սի՛րելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած։ Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:7,8
  • Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:11
  • Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:19
  • Աստուած այս պատուէրը տուած է. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ»։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:21