Հավատք
-
Թէեւ անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ. Մանաւանդ ճամբաներս անոր առջեւ պիտի պաշտպանեմ։
ՅՈԲԱՅ 13:15 -
Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։
ԱՌԱԿԱՑ 3:5,6 -
Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ. «Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։ Բայց դուք չուզեցիք,
ԵՍԱՅԵԱՅ 30:15 -
Այն ատեն անոնց աչքերուն դպաւ ու ըսաւ. «Ձեր հաւատքին պէս ըլլայ ձեզի»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 9:29 -
Սակայն այս տեսակը ուրիշ բանով չելլեր, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 17:20 -
Տղուն հայրը աղաղակեց ու արցունքով ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս»։
ՄԱՐԿՈՍ 9:23 -
Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք.
ՄԱՐԿՈՍ 11:22 -
Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։
ՂՈԻԿԱՍ 1:37 -
Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:1 -
Ուրեմն հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:17 -
Բայց ան որ կը խղճահարուի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, վասն զի հաւատքով չուտեր, քանզի ի՛նչ բան որ հաւատքով չէ՝ մեղք է։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:23 -
Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:16 -
Եթէ չհաւատանք, ինք հաւատարիմ կը մնայ, իր անձը չի կրնար ուրանալ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:13 -
Եւ Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10:38 -
Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է.
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11:1 -
Բայց առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11:6 -
Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:2 -
Իսկ եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է.
ՅԱԿՈԲՈՒ 1:5-8 -
Քանզի ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է։
ՅԱԿՈԲՈՒ 2:26 -
Որով կ’ուրախանաք, թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով Որպէս զի ձեր հաւատքին փորձառութիւնը (որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է, թէեւ ոսկին կրակով կը փորձուի,) գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը. Որ դուք չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր եւ ուրախ էք անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ, Որպէս ձեր հաւատքին արդիւնք՝ հոգիներուն փրկութիւնը ընդունեցիք։
ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 1:6-9 -
Վանս զի ան որ Աստուծմէ ծնած է՝ աշխարհին կը յաղթէ։ Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:4