Փառք Աստծուն


  • Ժողովուրդին հետ խորհուրդ ըրաւ ու Տէրոջը երգողներ որոշեց, որպէս զի զօրքին առջեւէն ելլեն ու Տէրոջը սուրբ փառքը օրհնեն ու ըսեն. «Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Երբ անոնք ցնծութեան երգն ու օրհնութիւնը սկսան, Յուդայի վրայ եկող Ամմոնին ու Մովաբին որդիներուն ու Սէիր լերանը բնակիչներուն դէմ Տէրը դարանակալներ հանեց եւ անոնք կոտորուեցան։
    Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20:21,22
  • Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։
    ՆԷԵՄԵԱՅ 8:10
  • IԱմէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։
    ՍԱՂՄՈՍ 34:1
  • Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ. Ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին Պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։
    ՍԱՂՄՈՍ 50:23
  • Բերանս քու գովաբանութիւնովդ լեցուն է. Ամէն օր՝ քու փառաբանութիւնովդ։
    ՍԱՂՄՈՍ 71:8
  • Բայց ես ամէն ատեն պիտի յուսամ Եւ քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ։
    ՍԱՂՄՈՍ 71:14
  • Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ազդարարութեան փողերուն՝ ՝ ձայնը. Ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։
    ՍԱՂՄՈՍ 89:15
  • Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ,
    ՍԱՂՄՈՍ 92:1
  • Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թո՛ղ ցնծայ. Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան։
    ՍԱՂՄՈՍ 97:1
  • Տէրոջմով ուրախացէ՛ք, ո՛վ արդարներ Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։
    ՍԱՂՄՈՍ 97:12
  • Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։ Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
    ՍԱՂՄՈՍ 100:1,2
  • Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։ Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։
    ՍԱՂՄՈՍ 101:1
  • Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։ Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
    ՍԱՂՄՈՍ 103:1,2
  • Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։
    ՍԱՂՄՈՍ 113:3
  • Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։ Թող անոր անունը պարով օրհնեն, Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։ Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի, Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։ Թող սուրբերը ուրախանան փառքով Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։
    ՍԱՂՄՈՍ 149:1,3-5
  • Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Աստուած իր սրբարանին մէջ. Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրութեանը հաստատութեանը մէջ։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրաւոր գործերուն համար, Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր մեծափառութեանը համեմատ։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա փողի ձայնով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա տաւիղով ու քնարով։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա թմբուկով ու պարով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա լար ունեցող նուագարաններով ու սրինգով։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա մեծաձայն ծնծղաներով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա ցնծութեան ծնծղաներով։ 6Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜։
    ՍԱՂՄՈՍ 150
  • Կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին ու բանտարկեալներն ալ մտիկ կ’ընէին։
    ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 16:25
  • Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը ձեր սրտերուն մէջ։ Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5:19,20
  • Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ։
    ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 5:18
  • Ուստի անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13:15
  • Եւ աթոռէն ձայն մը ելաւ, ըսելով. «Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք, ո՛վ բոլոր ծառաներ ու դուք որ իրմէ կը վախնաք, պզտիկներ ու մեծեր»։
    ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 19:5