Աղոթք


  • Քանզի մահուան ալիքները իմ բոլորտիքս առին Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։ Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։ Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի, Որ իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ։
    Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22:5-7
  • Ո՛վ Տէր, առտուն պիտի լսես իմ ձայնս. Առտուն պատրաստ պիտի ըլլամ քեզի ու սպասեմ։
    ՍԱՂՄՈՍ 5:3
  • Վասն զի չանարգեց ու չքամահարեց տառապեալին տառապանքը Ու երեսը անկէ չդարձուց. Հապա իրեն կանչած ատենս լսեց։
    ՍԱՂՄՈՍ 22:24
  • Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ. Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։
    ՍԱՂՄՈՍ 50:15
  • Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։ Անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։
    ՍԱՂՄՈՍ 55:17
  • Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ. Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք, Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)
    ՍԱՂՄՈՍ 62:8
  • Ո՛վ Աստուած, դո՛ւն ես իմ Աստուածս, Ես առտուն քեզ կը փնտռեմ. Հոգիս կը ծարաւի քեզի ու մարմինս քեզի կը փափաքի Չոր ու ծարաւ տեղը, ուր ջուր չկայ։
    ՍԱՂՄՈՍ 63:1
  • Եթէ սրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի, Տէրը պիտի չլսէր։ Սակայն Աստուած լսեց, Իմ աղօթքիս ձայնին մտիկ ըրաւ։
    ՍԱՂՄՈՍ 66:18,19
  • Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ։
    ՍԱՂՄՈՍ 102:17
  • Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը, Երբ անոնց աղաղակը լսեց Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց
    ՍԱՂՄՈՍ 106:44, 45
  • Ուրախ եմ ես, վասն զի Տէրը Իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց, Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց, Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։
    ՍԱՂՄՈՍ 116:1,2
  • Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն
    ՍԱՂՄՈՍ 119:2
  • Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։ Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։
    ՍԱՂՄՈՍ 119:10
  • Ահա ո՛վ ժողովուրդ, որ Երուսաղէմի մէջ, Սիօնի վրայ կը բնակիս, Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս։ Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի Եւ քեզի պատասխան պիտի տայ։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 30:19
  • Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը. «Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք, Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար, Ինծի պատուէր տուէ՛ք։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 45:11
  • Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. Զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 55:6
  • Քու անունդ կանչող չկայ, Որ արթննայ ու քեզմէ ոյժ գտնէ, Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ մաշեցուցիր։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 64:7
  • Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ, Մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 65:24
  • Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, վասն զի ձեր բոլոր սրտովը պիտի խնդրէք զիս
    ԵՐԵՄԵԱՅ 29:13
  • Ինծի կանչէ՛ ու քեզի պատասխան տամ եւ քեզի մեծ ու խորհրդաւոր բաներ պատմեմ, որոնք դուն չես գիտեր։
    ԵՐԵՄԵԱՅ 33:3
  • Ելի՛ր, գիշերով աղաղակէ գիշերուան պահերուն սկիզբը. Քու սիրտդ ջուրի պէս թափէ Տէրոջը առջեւ. Ձեռքերդ անոր վերցուր ու տղոցդ հոգիներուն համար, Որոնք փողոցներուն գլուխը անօթութենէ կը մարին։
    ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 2:19
  • Մեր ճամբաները քննենք ու փորձենք եւ Տէրոջը դառնանք։ Մեր սրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք՝ Աստուծոյ վերցնենք։
    ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 3:40, 41
  • Սակայն հիմա Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝ Ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով։
    ՅՈՎԵԼԵԱՅ 2:12
  • Ու երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան։
    Matthew 6:5
  • Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։ Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 6:6,7
  • «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
  • Երբ անոնք Գալիլիայի մէջ կը պտըտէին, Յիսուս ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը
    ՄԱՏԹԷՈՍ 17:21
  • V«Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Երկրի վրայ ինչ որ կապէք, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու երկրի վրայ ինչ որ արձակէք, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ’։ Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին, ամէն ինչ բանի համար որ խնդրեն, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս որ երկինքն է’։ Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 18:18, 19, 20
  • Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։ Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 21:21, 22
  • Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ՛ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 26:39
  • Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի’։
    ՄԱՐԿՈՍ 11:24
  • Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’։
    ՂՈԻԿԱՍ 11:9, 10
  • Տէրը ըսաւ. «Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. Բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։
    ՂՈԻԿԱՍ 22:31,32
  • Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէս զի Հայրը Որդիովը փառաւորուի։ Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ։.
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:13, 14
  • Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15:7
  • Այն օրը ինծի բան մը պիտի չհարցնէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։ Մինչեւ հիմա իմ անունովս բա՛ն մը չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 16:23, 24
  • Անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ, հապա հաւատքով զօրացած՝ Աստուծոյ փառք տուաւ Եւ իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4:20, 21
  • Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ Եւ սրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:26,27
  • Ան որ կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք, այն զօրութիւնովը որ մեր մէջ կը ներգործուի,
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 3:20
  • Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար,
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:18
  • Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։
    ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 5:17
  • Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան։
    ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:8
  • Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 4:16
  • Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 7:25
  • Բայց առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11:6
  • Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է. Այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ.
    ՅԱԿՈԲՈՒ 1:6, 7
  • Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ։ Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ,
    ՅԱԿՈԲՈՒ 4:8
  • Եւ ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3:22
  • Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի։ Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:14,15