ՅՈՒԴԱՅԻ
Գլուխ 1
Յուդա՝ Յիսուս Քրիստոսին ծառայ ու Յակոբոսին եղբայրը՝ ձեզի, որ Հայր Աստուծմէն սրբուած էք եւ Յիսուս Քրիստոսէն պահուած ու կանչուած.
2 Ողորմութիւն ու խաղաղութիւն եւ սէր ձեր վրայ շատնան։
3 Սի՛րելիներ, բոլոր ջանքը վրաս առնելով ձեզի կը գրեմ հասարակաց փրկութեան համար, իմ անձիս պարտք սեպեցի ձեզի գրել ու յորդորել, որ մրցիք այն հաւատքին համար, որ անգամ մը սուրբերուն աւանդուեցաւ
4 Քանզի մէկ քանի մարդիկ գաղտուկ մտան, որ առաջուընէ այս դատապարտութեանը համար որոշուած էին, ամբարիշտներ, որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին եւ միակ Իշխանը ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ուրացան։
5 Արդ՝ կ’ուզեմ ձեզի յիշեցնել, թէեւ գիտէք ասիկա, թէ Տէրը, որ ժողովուրդը Եգիպտոսի երկրէն ազատեց, ետքը չհաւատացողները կորսնցուց։
6 Եւ այն հրեշտակները, որոնք իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին, մշտնջենաւոր կապերով խաւարի մէջ պահեց մեծ օրուան դատաստանին համար։
7 Ինչպէս Սոդոմ ու Գոմոր եւ անոնց բոլորտիքը եղած քաղաքները, որոնք ասոնց նման պոռնկացան ընկերներուն մարմնին ետեւէն երթալով, մեր առջեւ օրինակ կեցեր են՝ յաւիտենական կրակին դատապարտութիւնը ընդունելով։
8 Նմանապէս այս ցնորածներն ալ մարմինը կը պղծեն, տէրութիւնը կ’անարգեն, մեծափառներուն դէմ կը հայհոյեն։
9 Բայց Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր, չհամարձակեցաւ հայհոյութեան դատապարտութիւն բերել անոր վրայ, հապա ըսաւ. «Տէրը յանդիմանէ քեզ»։
10 Իսկ ասոնք այն բաներուն որոնք չեն հասկնար, հայհոյութիւն կ’ընեն եւ այն բաներուն որոնք բնականաբար, անբան անասուններու պէս գիտեն, անոնց մէջ պիտի ապականին։
11 Վա՜յ անոնց, որոնք Կայէնին ճամբովը գացին ու Բաղաամի մոլորութեանը պէս ցանկութեամբ վարձքի ետեւէ գացին ու Կորխին հակառակութեանը պէս կորսուեցան։
12 Ասոնք ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ արատներ են, երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին, աներկիւղ իրենց անձը կը կերակրեն։ Անջուր ամպեր են հովերէն քշուած, պտուղնին կորսնցուցած ծառեր, բերք չունեցող, երկու անգամ մեռած, արմատէն խլուած։
13 Ծովու կատղած ալիքներ, որոնք իրենց անձերուն ամօթը կը փրփրցնեն. մոլորուած աստղեր, որոնց համար խաւարին մէգը պահուած է յաւիտեան։
14 Անոնց համար մարգարէացաւ Ենովքն ալ, որ եօթներորդն էր Ադամէն ու ըսաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ,
15 Ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։
16 Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ կ’երթան եւ իրենց բերանները ամբարտաւան խօսքեր կը խօսին եւ շահու համար երեսպաշտութիւն կ’ընեն։
17 Բայց դո՛ւք, սի՛րելիներ, յիշեցէք այն խօսքերը, որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առաքեալներէն նախապէս խօսուեցան,
18 Որոնք ձեզի կ’ըսէին թէ՝ «Վերջին ժամանակը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն համեմատ պիտի երթան»։
19 Ասոնք ինքզինքնին զատող շնչաւորներ են, որոնք Հոգին չունին։
20 Բայց դո՛ւք, սի՛րելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք,
21 Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար։
22 Եւ երկմիտներուն ողորմեցէ՛ք։
23 Եւ ոմանք վախով ազատեցէք՝ կրակէն յափշտակելով զանոնք, ատելով մարմնէն աղտոտուած հանդերձն ալ։
24 Եւ անոր՝ որ կարող է ձեզ անբիծ պահել եւ իր փառքին առջեւ անարատ կայնեցնել ցնծութիւնով,
25 Մեր Փրկչին, միմիայն Աստուծոյ, [մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով] փառք ու մեծութիւն, զօրութիւն ու իշխանութիւն [բոլոր դարերէն առաջ,] եւ հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ։ Ամէն։