ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ
Գլուխ 2
Սուտ մարգարէներ ալ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան, որոնք գաղտուկ պիտի մտցնեն կորստաբեր հերձուածներ ու զիրենք ծախու առնող Տէրը ուրանալով՝ իրենց վրայ պիտի բերեն արագահաս կորուստը։
2 Շատեր անոնց կորստական ընթացքներուն՝ ՝ ետեւէն պիտի երթան, որոնց համար ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն.
3 Եւ ագահութիւնով՝ խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով ձեզ պիտի շահագործեն. որոնց դատապարտութիւնը շատոնցմէ պատրաստ ըլլալով՝ պիտի չուշանայ ու անոնց կորուստը պիտի չմրափէ։
4 Վասն զի եթէ Աստուած մեղք գործող հրեշտակներուն չխնայեց, հապա խաւարի կապերով տարտարոսը ձգած՝ դատաստանի պահել տուաւ
5 Ու առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ.
6 Եւ Սոդոմ ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով ու կործանելով դատապարտեց, ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ ըրաւ զանոնք.
7 Բայց ազատեց արդար Ղովտը, որ անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր.
8 (Վասն զի այն արդարը անոնց մէջ կենալով՝ աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը.)
9 Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել։
10 Մանաւանդ անոնք որ պղծալից ցանկութեամբ մարմնի ետեւէ կ’երթան եւ տէրութիւնը կ’անարգեն, ինքնահաւան եւ յանդուգն են, չեն վախնար մեծափառներուն հայհոյելէ։
11 Երբ հրեշտակները, որ անոնցմէ շատ մեծ են զօրութիւնով ու կարողութիւնով, Տէրոջը առջեւ հայհոյութեամբ դատապարտութիւն չեն բերեր անոնց վրայ։
12 Բայց ասոնք անբան անասուններու պէս, (որ բնականէն որսացուելու եւ սպաննուելու համար են) կը հայհոյեն անոնց որ չեն ճանչնար. անոնք իրենց ապականութիւնովը պիտի ապականին,
13 Անիրաւութեան վարձքը ընդունելով։ Անոնք ցորեկուան մէջ եղած զեղխութիւնը զուարճութիւն կը սեպեն։ Արատ ու բիծ են, իրենց խաբէութիւններովը զուարճանալով՝ երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին.
14 Շնութեամբ լեցուն աչքեր ունին, որ մեղքէ չեն դադարիր. անհաստատ հոգիները կը խաբեն. ագահութեան վարժուած սրտեր ունին եւ անիծեալ զաւակներ են։
15 Շիտակ ճամբան ձգելով մոլորեցան՝ Բէովրեան Բաղաամին ճամբուն հետեւելով, որ անիրաւութեան վարձքը սիրեց։
16 Բայց իր անօրէնութեանը յանդիմանութիւնը առաւ, երբ անխօս էշը մարդկային ձայնով խօսելով՝ մարգարէին յիմարութիւնը արգիլեց։
17 Ասոնք ջուր չունեցող աղբիւրներ են ու փոթորիկէն քշուած մէգեր, որոնց համար թանձր խաւարը պահուած է յաւիտեան։
18 Քանզի ունայնութեան հպարտ խօսքեր ընելով՝ գիջութիւններով, մարմնի ցանկութիւններով կը խաբեն զանոնք որ քիչ մը առաջ փախեր էին անոնցմէ՝ որ մոլորութեան մէջ կը պտըտին.
19 Անոնց ազատութիւն կը խոստանան, բայց իրենք ապականութեան ծառաներ են. վասն զի ինչ բանէ որ մէկը յաղթուի, անոր ծառայ կ’ըլլայ։
20 Վանս զի եթէ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին գիտութիւնովը աշխարհին պղծութիւններէն հրաժարելէ յետոյ դարձեալ այն բաներէն բռնուած յաղթուին, անոնց վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։
21 Վանս զի աղէկ էր անոնց՝ որ բնաւ արդարութեան ճամբան ճանչցած չըլլային, քան թէ ճանչնալէ յետոյ ետ դառնային այն սուրբ պատուիրանքէն՝ որ իրենց յանձնուեցաւ։
22 Սակայն անոնց պատահեցաւ հին ճշմարիտ առակը, որ կ’ըսէ. «Շունը նորէն իր փսխածին կը դառնայ ու լուացուած խոզը՝ ցեխի մէջ թապլտկելու»։