ԱԲԴԻՈՒ

1


Գլուխ 1

Աբդիի տեսիլքը։ Տէր Եհովան Եդովմին համար այսպէս կ’ըսէ. Տէրոջմէ լուր լսեցինք Ու ազգերուն դեսպան ղրկուեցաւ՝ ըսելով. «Ելէ՛ք ու անոր դէմ պատերազմի ելլենք»։
2 Ահա քեզ ազգերու մէջ պզտկցուցի, ուստի Դուն խիստ պիտի անարգուիս։
3 Քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեց, Ո՛վ ժայռերու խոռոչներուն մէջ բնակող Ու բարձր բնակարան ունեցող, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես՝ ‘Ո՞վ զիս գետինը պիտի իջեցնէ’։
4 Թէեւ արծիւի պէս բարձրանաս, Բոյնդ աստղերուն մէջ դնես, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
5 Եթէ քեզի գողեր կամ գիշերային աւազակներ գային (Ինչպէ՜ս կործանեցար) Անոնք իրենց բաւելու չափ պիտի չգողնայի՞ն։ Եթէ քեզի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն։
6 Եսաւ ինչպէ՜ս քննուեցաւ. Անոր ծածուկ տեղերը խուզարկուեցան։
7 Քու բոլոր դաշնակիցներդ քեզ մինչեւ սահմանը ղրկեցին, Քեզի հետ խաղաղութիւն կնքող մարդիկը քեզ խաբեցին Ու քեզի յաղթեցին։ Քու հացդ ուտողները քու տակդ որոգայթ լարեցին։ Անոր քով հանճար չկայ։
8 «Ահա այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Եդովմէն իմաստունները Ու Եսաւին լեռնէն հանճարը բնաջինջ պիտի ընեմ։
9 Քու կտրիճներդ, ո՛վ Թեման, պիտի զարհուրին, Որպէս զի Եսաւին լեռնէն ամէն մարդ սպաննուելով կոտորուի»։
10 «Քու եղբօրդ Յակոբին եղած անիրաւութեանը համար Ամօթը քեզ պիտի ծածկէ Ու յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլաս։
11 Անոր դէմ կայնած օրդ, Երբ օտարազգիները անոր զօրքը գերի առին Ու օտարները անոր դռները մտան Ու Երուսաղէմի վրայ վիճակ ձգեցին, Դո՛ւն ալ անոնց պէս ըրիր։
12 Ու պէտք չէր որ՝ քու եղբօրդ օրը, Անոր օտարութեան օրը, անոր նայէիր Եւ Յուդայի որդիներուն վրայ՝ Անոնց կորուստին օրը՝ խնդայիր Ու անոնց նեղութեան օրը Քու բերանդ մեծցնէիր։
13 Ո՛չ ալ իմ ժողովուրդիս դուռը՝ Անոնց թշվառութեան օրը՝ մտնէիր, Անոնց կործանումին օրը Դուն ալ անոնց չարիքին վրայ նայէիր Եւ անոնց կործանումին օրը Անոնց ստացուածքին վրայ ձեռք դնէիր
14 Եւ ո՛չ թէ անոր ազատուածները կոտորելու համար Ճամբուն բերանը կայնէիր Ու անոր նեղութեան օրը Անոր մնացորդները մատնէիր»։
15 «Քանզի բոլոր ազգերուն վրայ Տէրոջը օրը մօտ է։ Քեզի քու ըրածիդ պէս պիտի ընեն. Քու հատուցումդ գլուխդ պիտի դառնայ։
16 Քանզի ինչպէս դուք իմ սուրբ լերանս վրայ խմեցիք, Բոլոր ազգերն ալ շարունակ պիտի խմեն. Պիտի խմեն ու պիտի կլլեն Ու չեղածի պէս պիտի ըլլան»։
17 «Բայց Սիօն լերանը վրայ փրկութիւն պիտի ըլլայ Եւ սրբութիւն պիտի ըլլայ։ Յակոբին տունը իրենց կալուածներուն պիտի տիրեն։
18 Յակոբին տունը՝ կրակ, Յովսէփին տունը՝ բոց Ու Եսաւին տունը յարդ պիտի ըլլայ։ Անոնց մէջ պիտի բռնկին, Զանոնք պիտի ուտեն Ու Եսաւին տանը մնացորդ մը պիտի չըլլայ, Քանզի Տէրը խօսեցաւ։
19 Եւ հարաւայինները Եսաւին լեռը պիտի ժառանգեն Ու դաշտայինները՝ Փղշտացիներուն երկիրը, Նաեւ Եփրեմին դաշտը ու Սամարիային դաշտը պիտի ժառանգեն։ Բենիամին Գաղաադը պիտի ժառանգէ։
20 Իսրայէլի որդիներուն այս գերի զօրքերը Քանանացիներուն ունեցածը պիտի ժառանգեն մինչեւ Սարեփթա։ Երուսաղէմի գերիները, որոնք Սեփարադի մէջ են, Հարաւային քաղաքները պիտի ժառանգեն։
21 Ազատուողները պիտի ելլեն Սիօն լեռը՝ Եսաւին լեռը դատելու համար Ու թագաւորութիւնը Տէրոջը պիտի ըլլայ»։