ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5


Գլուխ 3

Ես այն մարդն եմ, որ տառապանք տեսայ անոր բարկութեան գաւազանովը.
2 Զիս տարաւ խաւարի մէջ պտըտցուց եւ ո՛չ թէ լոյսի մէջ։
3 Այո՛, ինծի դէմ դարձաւ, ամէն օր իր ձեռքը իմ վրաս դարձուց։
4 Իմ մարմինս ու մորթս մաշեցուց, ոսկորներս կոտրտեց։
5 Ինծի դէմ պատնէշներ շինեց եւ զիս դառնութեամբ ու նեղութեամբ շրջապատեց։
6 Զիս մութ տեղեր նստեցուց շատոնց մեռածներու պէս։
7 Իմ բոլորտիքս ցանկ քաշեց ուստի չեմ կրնար դուրս ելլել։ Իմ շղթաներս ծանրացուց։
8 Մինչեւ անգամ աղաղակած ու իմ կանչած ատենս՝ անիկա իմ աղօթքս մերժեց։
9 Իմ ճամբաներս տաշուած քարերով շրջապատեց, իմ շաւիղներս ծռեց։
10 Անիկա ինծի դարանակալ արջի պէս ու ծածուկ տեղեր պահուըտած առիւծի պէս եղաւ։
11 Իմ ճամբաներս խոտորցուց եւ զիս պատառեց, զիս ամայացուց։
12 Իր աղեղը լարեց ու զիս նետի նշանակէտի պէս կայնեցուց։
13 Իր նետերը երիկամունքներուս մէջ խոթեց։
14 Իմ բոլոր ժողովուրդիս ծաղրանքի առարկայ եղայ ու բոլոր օրը անոնց երգին՝ նիւթը։
15 Զիս դառնութիւններով կշտացուց եւ օշինդրով գինովցուց։
16 Նաեւ ակռաներս խիճերով կոտրտեց, զիս մոխիրով ծածկեց։
17 Այսպէս իմ հոգիս խաղաղութենէ հեռացաւ, բարիքը մոռցայ.
18 Ու ըսի. ‘Կորսուեցաւ իմ զօրութիւնս եւ իմ ակնկալութիւնս Տէրոջմէ’։
19 Յիշէ՛ իմ տառապանքս ու թշուառութիւնս, օշինդրն ու դառնութիւնը։
20 Իմ հոգիս միշտ կը յիշէ զանոնք ու իմ ներսիդիս կը նուաստանայ։
21 Ասիկա միտքս կը բերեմ, անոր համար յոյս կ’ունենամ։
22 Տէրոջը ողորմութեամբ չհատանք, վասն զի անոր գթութիւնը չպակսեցաւ.
23 Անոնք ամէն առտու կը նորոգուին, քու ճշմարտութիւնդ մեծ է։
24 Իմ հոգիս ըսաւ. ‘Տէրը իմ բաժինս է, այս պատճառով անոր պիտի յուսամ’,
25 Տէրը բարի է իրեն ապաւինողներուն ու զինք փնտռող հոգիին։
26 Տէրոջը փրկութեան սպասելն ու լռութեամբ յուսալը աղէկ է։
27 Աղէկ է որ մարդ իր երիտասարդութեան ատեն լուծը կրէ։
28 Առանձին կը նստի ու լուռ կը կենայ, քանզի լուծը անոր վրայ դրուեցաւ։
29 Իր բերանը հողին կու տայ, ըսելով թէ ‘Թերեւս յոյս կայ’.
30 Իր ծնօտը զանիկա զարնողին կու տայ ու նախատինքով կը կշտանայ։
31 Բայց Տէրը յաւիտեան չի մերժեր։
32 Թէեւ ցաւ կու տայ, իր ողորմութեան շատութիւնովը գթութի՛ւն ալ կ’ընէ։
33 Քանզի իր կամքովը նեղութիւն չի տար ու մարդու որդիները չի տրտմեցներ։
34 Երկրի բոլոր բանտարկեալները ոտքի տակ ճզմելը,
35 Բարձրեալին առջեւ մարդու մը իրաւունքը ծռելը,
36 Մարդու մը իր դատին մէջ անիրաւութիւն ընելը Տէրոջը հաճելի չեն։
37 Ո՞վ է անիկա, որ խօսի ու անոր խօսքը կատարուի, եթէ Տէրը հրամայած չէ։
38 Միթէ բարիքն ու չարիքը Բարձրեալին բերնէն չե՞ն ելլեր։
39 Ապրող մարդը ինչո՞ւ տրտունջ ընէ, իր մեղքերուն պատիժին համար։
40 Մեր ճամբաները քննենք ու փորձենք եւ Տէրոջը դառնանք։
41 Մեր սրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք՝ Աստուծոյ վերցնենք։
42 Մենք յանցանք ըրինք ու ապստամբեցանք եւ դուն թողութիւն չտուիր։
43 Բարկութեամբ ծածկեցիր քու երեսդ ու մեզ հալածեցիր, մեռցուցիր ու չխնայեցիր։
44 Քեզ ամպով ծածկեցիր, որպէս զի մեր աղօթքը չանցնի։
45 Մեզ ժողովուրդներուն մէջտեղը խոտան ու անարգ ըրիր։
46 Մեր բոլոր թշնամիները մեզի դէմ բերաննին բացեր են։
47 Մեր վրայ վախ ու գուբ, աւերում ու կոտորած եկաւ։
48 Իմ ժողովուրդիս աղջկան աւերման համար աչքէս ջուրի հեղեղներ կ’իջնեն։
49 Իմ աչքս անդադար արցունք կը թափէ ու բնաւ հանգստութիւն պիտի չունենայ,
50 Մինչեւ որ Տէրը երկնքէն նայի ու տեսնէ։
51 Իմ քաղաքիս բոլոր աղջիկներուն համար աչքս հոգիիս նեղութիւն կու տայ։
52 Իմ թշնամիներս զուր տեղ անդադար զիս ճնճղուկի պէս կ’որսան։
53 Իմ կեանքս գուբի մէջ ձգեցին, վրաս քար նետեցին։
54 Ջուրերը գլուխէս վեր բարձրացան. ըսի թէ ‘Ես կտրտուեցայ’.
55 Խորունկ գուբէն քու անունդ կանչեցի, ո՛վ Տէր։
56 Իմ ձայնս լսեցիր։ Իմ հառաչանքիս ու աղաղակիս քու ականջդ մի՛ գոցեր։
57 Քեզի կանչած օրս մօտեցար ու ըսիր. «Մի՛ վախնար»։
58 Իմ հոգիիս դատը վարեցիր, ո՛վ Տէր, իմ կեանքս ազատեցիր։
59 Ո՛վ Տէր, ինծի եղած զրկանքը տեսար, իմ իրաւունքս պաշտպանէ։
60 Անոնց վրէժխնդրութիւնը, անոնց ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները տեսար։
61 Անոնց նախատինքը լսեցիր, ո՛վ Տէր, անոնց ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները,
62 Իմ վրաս ելլողներուն շրթունքները ու ամէն օր ինծի դէմ անոնց խորհած հնարքները։
63 Անոնց նստելուն ու ելլելուն նայէ՛. ես անոնց երգին նիւթն եմ։
64 Ո՛վ Տէր, անոնց հատուցում պիտի ընես՝ իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ։
65 Անոնց սրտի թմրութիւն պիտի տաս, քու անէծքդ պիտի տաս անոնց։
66 Բարկութեամբ պիտի հալածես զանոնք ու Տէրոջը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընես։