ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 7

Երբ իր բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն խօսիլը լմնցուց, մտաւ Կափառնայում։
2 Հարիւրապետի մը ծառան, որ սիրելի էր իրեն, հիւանդացած, մօտ էր մեռնելու։
3 Երբ Յիսուսի մասին լսեց, Հրեաներէն քանի մը ծերեր ղրկելով՝ աղաչեց անոր որ գայ իր ծառան ապրեցնէ։
4 Անոնք ալ եկան Յիսուսին եւ թախանձանքով կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին թէ՝ «Անիկա արժանի է՝ որուն այս շնորհքը պիտի ընես,
5 Վասն զի մեր ազգը կը սիրէ ու ժողովարանը անիկա շինեց մեզի»։
6 Յիսուս գնաց անոնց հետ ու երբ տան մօտեցան՝ հարիւրապետը քանի մը բարեկամներ ղրկեց ու ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր, վասն զի ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես։
7 Անոր համար ես ինքզինքս ալ արժանի չսեպեցի քեզի գալու, հապա խօսքով ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի։
8 Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ դրուած մարդ մըն եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’ ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’ ու կ’ընէ»։
9 Յիսուս այս բաները լսելով՝ զարմացաւ անոր վրայ եւ իր ետեւէն գացող ժողովուրդին դարձաւ ու ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ, թէ Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»։
10 Ու պատգամաւորները նորէն տուն դարձան եւ հիւանդ ծառան առողջացած գտան։
11 Հետեւեալ օրը քաղաք մը կ’երթար, որուն անունը Նային էր։ Անոր հետ կ’երթային իր աշակերտներէն շատերը ու մեծ բազմութիւն մը։
12 Երբ քաղաքին դրանը մօտեցաւ, մեռել մը դուրս կը հանէին, իր մօրը մէկ հատիկ տղան։ Մայրը որբեւարի էր։ Քաղաքէն շատ ժողովուրդ անոր հետ էր։
13 Տէրը զանիկա տեսնելով՝ խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ անոր. «Մի՛ լար»։
14 Մօտենալով՝ դագաղին դպաւ ու տանողները կանգ առին. եւ ըսաւ. «Ո՛վ պատանի, քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր»։
15 Ու մեռելը ելաւ նստաւ ու սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս տուաւ զանիկա իր մօրը։
16 Եւ ամէնքն ալ վախով բռնուեցան ու Աստուած կը փառաւորէին՝ ըսելով. «Մեծ մարգարէ մը ելեր է մեր մէջ եւ թէ Աստուած իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրաւ»։
17 Եւ այս ձայնը անոր վրայով բոլոր Հրէաստան ելաւ ու բոլոր շրջակայ տեղերը։
18 Այս բաները Յովհաննէսին պատմեցին աշակերտները։
19 Յովհաննէս ալ իր աշակերտներէն երկուքը իրեն կանչեց եւ զանոնք Յիսուսին ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։
20 Աշակերտները գացին անոր ու ըսին. «Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ ղրկեց քեզի ու կը հարցնէ. ‘Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք’»։
21 Նոյն ժամուն շատեր բժշկեց իրենց հիւանդութեններէն ու հարուածներէն եւ չար ոգիներէն ու շատ կոյրերու տեսութիւն շնորհեց։
22 Ապա Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։
23 Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։
24 Երբ Յովհաննէսին ղրկած մարդիկը գացին, Յիսուս ժողովուրդին ըսաւ Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։
25 Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը։ Ահա անոնք որ փառաւոր հագուստներով ու փափկութեան մէջ են, թագաւորական պալատներն են։
26 Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞. «Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մը աւելի»։
27 Վասն զի ասիկա է՝ որուն համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։
28 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի. ‘Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտչէն մեծ մարգարէ չկայ’. սակայն Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է»։
29 Բոլոր ժողովուրդը ու մաքսաւորները երբ լսեցին, Աստուած արդարացուցին, որ Յովհաննէսին մկրտութիւնով մկրտուեցան։
30 Բայց փարիսեցիները եւ օրինականները իրենց անձին դէմ Աստուծոյ խորհուրդը անարգեցին եւ անկէ չմկրտուեցան։
31 Արդ որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգին մարդիկը եւ որո՞ւ կը նմանին։
32 Կը նմանին տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրարու կը կանչեն ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք։ Ողբ կարդացինք ձեզի ու չլացիք’։
33 Վասն զի Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ, ո՛չ հաց կ’ուտէր եւ ո՛չ գինի կը խմէր ու կ’ըսէիք. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։
34 Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսէք. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ’։
35 Իմաստութիւնը արդարացաւ իր բոլոր որդիներէն»։
36 Փարիսեցիներէն մէկը կ’աղաչէր անոր, որ իրեն հետ հաց ուտէ։ Ան ալ փարիսեցիին տունը մտաւ ու սեղան նստաւ։
37 Քաղաքին մէջ մեղաւոր կին մը կար. երբ իմացաւ թէ անիկա փարիսեցիին տունը սեղան նստեր է, շիշ մը անուշահոտ իւղ բերաւ։
38 Ու ետեւի կողմէն անոր ոտքերուն քով կեցեր՝ կու լար եւ արցունքովը սկսաւ անոր ոտքերը թրջել ու իր գլխուն մազերովը կը սրբէր եւ կը համբուրէր անոր ոտքերը ու իւղով կ’օծէր։
39 Ու երբ տեսաւ փարիսեցին, որ զանիկա հրաւիրեր էր, ըսաւ իր մտքին մէջ. «Ասիկա եթէ մարգարէ ըլլար, պիտի գիտնար թէ ո՞վ եւ ի՞նչպիսի կին է իրեն դպչողը, վասն զի մեղաւոր է»։
40 Յիսուս պատասխանելով ըսաւ անոր. «Սիմոն, քեզի բան մը ունիմ ըսելու»։ Ան ալ ըսաւ. «Ըսէ՛, վարդապետ»։ Յիսուս ըսաւ.
41 «Փոխ տուող մը երկու պարտական ունէր, մէկը հինգ հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու միւսը՝ յիսուն։
42 Որովհետեւ հատուցանելու կարողութիւն չունէին, երկուքին ալ շնորհեց։ Հիմա ըսէ. ‘Անոնցմէ ո՞րը աւելի պիտի սիրէ զանիկա’»։
43 Պատասխան տուաւ Սիմոն ու ըսաւ. «Ինծի այնպէս կ’երեւնայ, թէ որո՛ւն որ շատ շնորհեց»։ Ան ալ ըսաւ անոր. «Ուղիղ դատեցիր»։
44 Ու դառնալով դէպի այն կինը՝ ըսաւ Սիմոնին. «Կը տեսնե՞ս այս կինը։ Ես քու տունդ մտայ, դուն ոտքերուս ջուր չտուիր, բայց ասիկա իր արցունքովը ոտքերս թրջեց եւ իր մազերովը սրբեց։
45 Դուն ինծի համբոյր մը չտուիր, բայց ասիկա հոս մտնելէս ի վեր ոտքերս համբուրելէն չդադրեցաւ։
46 Դուն իմ գլուխս ձեթով չօծեցիր, բայց ասիկա իմ ոտքերս անուշահոտ իւղով օծեց։
47 Ասոր համար կ’ըսեմ քեզի. ‘Ներուած են ասոր շատ մեղքերը, վասն զի շատ սիրեց, բայց որուն որ քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ’.
48 Ու ըսաւ անոր. «Քու մեղքերդ ներուած են»։
49 Անոր հետ սեղան նստողները սկսան իրենց մէջ ըսել. «Ո՞վ է ասիկա որ մեղքերու թողութիւն ալ կու տայ»։
50 Ինք ըսաւ կնոջը. «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։